2012-03-11 11:36:04

Համամիութենական երկխօսութիւնը կարելի է Համբերութեամբ` հասկացողութեամբ եւ փոխադարձ ներումով կ՛ըսէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։


Գամալտոլիի մենաստանի հիմնարկութեան հազարամեակի տօնակատարութիւններուն առթիւ շաբաթ 10 Մարտի երեկոյեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Սան Կրէկորիոյ Ալ Զէլիոյ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց Համամիութենական աղօթքի արարողութիւն մը որուն մասնակցեցաւ նաեւ Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ գերապայծառ Րոան Ուիլիամսը։ Իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց Սան Կրէկորիոյ Ալ Զէլիոյ եկեղեցւոյ որպէս վայր ուր ծնունդ առած է կապը ընդմէջ Կաթողիկէ եւ Անկլիքան եկեղեցիներուն։ Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ համամիութենական բնոյթ ունեցող արարողութեան իմաստի մասին յոյս յայտնելով որ այս հանդիպումը եղբայրական լոկ հանդիպումէ անդին ներշնջէ կաթողիկեներն ու Անկլիքանները միասնաբար աղօթելու եւ գործելու միասնականութեան ի խնդիր։
Աստուած ընտրել կը նշանակէ մշակել համբերութիւնը` համամիութենական եւ միջկրօնական երկխօսութիւնը մնալով հաւատարիմ սկզբնական հաւատքի խարիզմին ըսաւ Սրբազան Հայրը







All the contents on this site are copyrighted ©.